2013-07-11 13:52:30

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն
Զրոյց քառասունիններորդ–Գլուխ Ա.Աստուած եւ ծէսը - 2


Հարցում թիւ 176. Որո՞նք են այն խորհուրդները զորս միայն մէկ անգամ կը ստանանք մեր կեանքին մէջ։
Մկրտութիւնը, Դրոշմը եւ Քահանայական Կարգը. Այս երեք խորհուրդները կը դրոշմեն քրիստոնեան անջնջելի կնիքով մը։ Մկրտութիւնը եւ Դրոշմը զինք կը դարձնեն Աստուծոյ զաւակը, միանգամ ընդ միշտ, նման Քրիստոսի. Իսկ քահանայական Կարգը կու տայ իրեն նոյնպէս անջնջելի խորհրդական նկարագիր մը։
Ինչպէս որ միանգամ ընդ միշտ մեր ծնողաց որդին ենք, եւ ոչ թէ երբեմն երբեմն, կամ քիչ թէ շատ, նոյնպէս ալ` մկրտութեամբ եւ դրոշմով կը դառնանք միանգամ ընդ միշտ Աստուծոյ որդիներ, նման Քրիստոսի եւ անդամ իր Եկեղեցւոյն։ Նոյնն է պարագան քահանայական կարգին, որ հասարակ գործ մը չէ զոր կը կատարենք մինչեւ հասնինք թոշակառութեան տարիքին, այլ շնորհք մըն է որ կը ստանանք անդառնալի կերպով։ Որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ է, այս խորհուրդներուն ազդեցութիւնը կը ստացուի միանգամ ընդ միշտ քրիստոնեային կողմէ, որ կ՛ընդունի զանոնք որպէս պատասխան Աստուծոյ կոչին, որպէս կոչում եւ աստուածային պաշտպանութիւն։ Ուստի այս խորհուրդները երբեք չեն կրնար կրկնուիլ։


Հարցում թիւ 177. Ինչու՞ խորհուրդները կ՛ենթադրեն հաւատքը։
Խորհուրդները ոչ մի կախարդական ազդեցութիւն չունին. Խորհուրդ մը չի կրնար գործել եթէ հասկցուած եւ ընդունուած չըլլայ հաւատքով։ Ուստի խորհուրդները ոչ միայն կ՛ենթադրեն հաւատքը, այլ նաեւ զայն կ՛ամրապնդեն եւ կ՛արտայայտեն։
Յիսուս խնդրեց Առաքեալներէն բոլոր մարդիկը աշակերտել, նախ աւետարանելով զիրենք, այսինքն արթնցնելով իրենց մէջ հաւատքը, եւ ապա միայն զիրենք մկրտելով։ Այսպէսով երկու բան կը ստանանք Եկեղեցիէն` հաւատքը եւ խորհուրդները։ Այսօր նոյնիսկ կարելի չէ քրիստոնեայ դառնալ պարզ ծիսակատարութեամբ մը, կամ արձանագրութեամբ մը ցանկի մը մէջ, այլ` ընդունելով իսկական հաւատքը։ Եկեղեցիէն է որ կը ստանանք այս հարազատ հաւատքը. ան է երաշխաւորը։ Իսկ որովհետեւ Եկեղեցւոյ հաւատքը կ՛արտայայտուի ծէսին մէջ, խորհուրդներու որեւէ մատակարարում պէտք չէ փոփոխութեան ենթարկուի կամ ձեւաւորուի Եկեղեցւոյ պաշտօնեայի մը կամ հասարակութեան մը քմահաճոյքին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.